2014-06-25 11:48:23

Ֆրանչիսկոս Պապի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Եկեղեցւոյ պատկանելիութիւնը''։


Չորեքշաբթի, 25 յունիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը հրապարակային ունկնդրտութիւն շնորհեց, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։ Անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ`

''Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարիլոյս, այսօր, ուխտաւորներու այլ փոքր խումբ մը մեզի հետ կապի մէջ է Պօղոս Զ անուան սրահէն, հիւանդ ուխտաւորներ են։ Կիլմայական այսօրուայ դրութեամբ, տաքի եւ անձրեւի վտանգի պատճառաւ, աւելի հարմար էր որ անոնք այդ վայրէն հետեւէին մեզի, մեծ պաստառներու վրայ պատկերասփռումի միջոցաւ։ Այսպէսով միացած ենք ու ամէնքս յատուկօրէն պիտի աղօթենք իրենց համար` իրենց հիանդութեան համար''։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց անցեալ շաբաթ սկսած` ''Եկեղեցւոյ'' մասին խորհրդածութեան որ կեդրոնացած էր` ''Աստուծոյ ժողովուրդ մը կազմելու փափաքին որ իր օրհնութիւնը տանի աշխարհի բոլոր ազգերուն''։ Այսօր` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը` պիտի անդրադառնանք Քրիստոնեային այս ժողովուրդին պատկանելիութեան կարեւորութեան մասին` Եկեղեցւոյ պատկանելիութիւնը։
Մենք – յարեց Նորին Սրբութիւնը - մեկուսացած չենք ապրիր եւ քրիտոնեաներ չենք անհատական գետնի վրայ. Ո՛չ։ Մեր Քրիստոնէական ինքնութիւնը պատկանելիութիւն մըն է։ Մենք քրիստոնեաներ ենք որովհետեւ Եկեղեցւոյ կը պատկանինք։ Մականունի նման` եթէ մեր անունը ''Քրիստոնեայ'' է մեր մականունը ''Եկեղեցւոյ կը պատկանիմ'' է։
Աստուած մեր նախահայրերուն հետ դաշինք կնքեց ու Ան հաւատարիմ կը մնայ այդ դաշինքին ու մեզ կը կանչէ յարաբերութեան մէջ մտնելու Իր հետը։
Մենք երախտապարտ ըլլալու ենք անոնց հանդէպ որ մեզմէ առաջ եկան եւ Եկեղեցւոյ մէջ մեզ ընկալեցին։ Անոնք ապրեցան հաւատքը ու զայն մեզի փոխանցեցին. Առանց անոնց մենք պիտի չճանչնայինք Տէրը ։Ոչ մէկը քրիստոնեայ կը դառնայ ինքնիրմէ. Քրիստոնեան մաս կը կազմէ ժողովուրդի մը որ հեռուէն կու գայ։ Ժողովուրդ մը որուն անունը ''Եկեղեցի'' է, եւ այս Եկեղեցին մեզ քրիստոնեայ կը դարձնէ ''Մկրտութեան'' օրը։ Եկեղեցին մեծ ընտանիք մըն է որ մեզ կ՛ընդունի, ուր կը սորվինք ապրիլ որպէս հաւատացեալներ եւ Յիսուսի աշակերտներ։ Այս շնորհքը կարելի է ապրիլ ոչ միայն ուրիշ անձերու շնորհիւ այլեւ անոնց հետ միասին։ Եկեղեցւոյ մէջ առանձին ընթացող անձեր չկան։ Շատեր կ՛ըսեն ''ես կը հաւատամ Աստուծոյ, կը հաւատամ Յիսուսին, սակայն Եկեղեցին զիս չի հետաքրքրեր''։ Այս ըմբռնումը սխալ է։ Որովհետեւ անկարելի է Քրիստոսի հետ հանդիպիլ առանձնապէս եւ Եկեղեցւոյ հետ հաղորդութենէն ու անոր միջնորդութենէն դուրս։ Քրիտոնեայ ըլլալը կը նշանակէ ''Եկեղեցւոյ պատկանիլ'', շեշտեց Սրբազան Հայրը, վերահաստատելով թէ մեր Անունը` Քրիստոնեայ է, իսկ մականունը ''Եկեղեցւոյ պատկանելիութիւն''։ Ան ապա խօսքը եզրափակեց հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզի պարգեւէ շնորհքը չիյնալու առանձին, առանց ուրիշներու եւ առանց Եկեղեցւոյ քալելու փորձութեան մէջ։ Ընդհակառակը` գիտակցելու ենք թէ անկարելի է Աստուած սիրել եթէ չենք սիրեր մեր եղբայրները եւ անկարելի Աստուած սիրել Եկեղեցիէն դուրս։ Կարելի չէ Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ ըլլալ եթէ Եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան մէջ չենք եւ չենք կրնար բարի քրիստոնեաներ ըլլալ եթէ ոչ բոլոր անոնց հետ, որոնք կը ջանան հետեւիլ մեր Տիրոջ Յիսուսին, որպէս մէկ ժողովուրդ, եւ մէկ մարմին որ է Եկեղեցին։
Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող տարբեր ազգերու պատկանող հաւատացեալները, հուսկ յատուկէն ողջոնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, յորդորելով երիտասարդները Սուրբ Հաղորդութեան մէջ գտնելու իրենց հոգեւոր կեանքի սնունդը։ Հիւանդները հրաւիրեց իրենց ցաւերն ու աղօթքները նուիրելու Տիրոջ` որպէսզի շարունակէ իր սէրը տարածել մարդոց վրայ եւ նորապսակեալները խրախուսեց նորոգուած հաւատքով մօտենալու Սուրբ Հաղորդութեան, որպէսզի սնունդ առնելով Քրիստոսէն, դառնան քրիստոնէական իսկական վկայութեամբ տոգորուած ընտանիքներ.








All the contents on this site are copyrighted ©.